2014-12-16 12:03:18

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին քարոզը` ''Աստուած փրկութիւն կը շնորհէ խոնարհ սրտին''.


(Ռ.Վ. 16 դեկտեմբեր 2014) Երեքշաբթի` 16 Դեկտեմբերի Առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի պատգամը Տոմուս Սանթա Մարթայի մէջ մատուցած Ս. Պատարագին նիւթ ունեցաւ օրուան Սոփոնիա Մարգարէի (Սոփ. Գ. 1-13) եւ Մատթէոս Ս. Աւետարանի ''Երկու որդիներու'' առակը (Մտթ ԻԱ. 28-32)։ Նորին Սրբութիւնը յիշեցուց որ Աստուած կը փրկէ ապաշխարող սիրտը, իսկ այն անհատը որ Աստուծոյ վրայ չի վստահիր՝ անձին վրայ դատապարտութիւն կը բերէ։
Նորին Սրբութիւնը զուգահեռներ գծեց օրուան Հին Կտակարանի եւ Ս. Աւետարանի ընթերցումներուն մէջ։
Շեշտեց խոնարհութեան անհրաժեշտութիւնը՝ կարենալ ընդունելու համար փրկութիւն, որովհետեւ ամբարտաւանը փակ հոգի է եւ անոր սիրտը անթափանցելի Աստուծոյ ձայնին։
Երկու ընթերցումներն ալ կը յիշեն ''դատաստան'' բացատրութիւնը՝ որմէ կախեալ է փրկութիւնը կամ դատապարտութիւնը։
Սոփոնիա Մարգարէի հատուածը կը խօսի ապստամբ քաղաքի մասին, ուր կան նաեւ Աստուծոյ հաւատարիմ մարդիկ։ Անոնք որոնք չեն ուզած դարձի գալ՝ կը դատապարտուին։ Աստուծոյ ժողովուրդը խոնարհութեամբ կ`ընթանայ, հաւատքով եւ վստահութեամբ։
Զղջումը եւ ապաշխարութիւնը պէտք է ըլլան անկեղծ։ Յիսուս Մատթէոսի Աւետարանի առակը կը պատմէ ուղղելով խօսքը հրեաներու ժողովուրդի կրօնական պետերուն, որոնք չէին ուզեր լսել Աստուծոյ խօսքը։
Սակայն Աստուած կը պահանջէ խոնարհ սիրտ, ապաշխարող սիրտ, սիրտ մը որ բաց է Իր պատգամին։
Աստուծոյ դատաստանը մեզի յոյս կը ներշնչէ, որովհետեւ մեզի քաջութիւն կու տայ սիրտը անշահախնդիր կերպով բանալու Աստուծոյ։ Ներկայանա՜նք Աստուծոյ դիմաց՝ բանալով նաեւ մեր բոլոր մեղքերը, վստահելով իրեն որ իբր Հայր պիտի ընդունի մեզ։
Սրբազան Քահանայապետը փակեց իր խօսքը, աղօթելով, որ Աստուած պարգեւէ մեզի Իր վրայ ամբողջութեամբ վստահելու շնորհքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.